<<Եկեղեցի մը ծախու է. Յարմար՝ ամէն տեսակի օգտագործման համար>>

By Asbarez | Friday, 26 February 2016

 

0226Bursa

 

ԵՐԵՒԱՆ - Հինգշաբթի, Փետրուար 25ին, <<Արեւելք>> լրատուական կայքով, Սոֆիա Յակոբեան կը հաղորդէ, թէ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող Պուրսա քաղաքին մէջ ծախու է 300 տարուան հնութիւն ունեցող եկեղեցի մը, որուն <<սեփականատէր>>ը արտասահման կը բնակի։

Վաճառքը իրականացնող միջնորդը յայտարարութեան մէջ գրած է. <<Եկեղեցի մը ծախու է. աննախադէպ առիթ. յարմար՝ ամէն տեսակի օգտագործման համար>>:

Եկեղեցին կը գտնուի Պուրսայի Սեթպաշը թաղամասին մէջ, որ 20րդ դարու սկիզբը յայտնի էր իբրեւ քաղաքի հայկական թաղամաս:

<<Հապերթիւրք>>ի համաձայն՝ եկեղեցին պաշտօնապէս գոյքագրուած է 1986ին իբրեւ <<հասարակական-մշակութային տարածք>>: Եկեղեցւոյ երեք յարկանի շէնքին գինը 1.5 միլիոն տոլար գնահատած է:

Ի դէպ, անցեալ տարի Պուրսայի Մուտանիա շրջանին մէջ 1 միլիոն տոլարով վաճառքի հանուած էր մէկ այլ եկեղեցի մը, որ բիւզանդական էր։

 

 


comments

Advertisement