Էրտողանի կուսակցութիւնը <<Իսլամական Պետութեան>> քաղաքական թեւն է. Տեմիրթաշ

By Asbarez | Friday, 26 February 2016

 

0226demirtas

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սալահետտին Տեմիրթաշ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ամբաստանած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աջակցելու յանցանքով։ Տեմիրթաշ նոյնիսկ պնդած է, թէ նախագահ Էրտողանի կուսակցութիւնը դարձած է <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը:

Նշենք, որ Էրտողան յաճախ Տեմիրթաշի կուսակցութիւնը կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Քիւրտիստանի բնաուորական կուսակցութեան քաղաքական թեւը։

Տեմիրթաշ նաեւ քննադատած է այն իրողութիւնը, որ իշխող կուսակցութիւնը երկրի որեւէ անկիւնը պատահած ահաբեկչական արարքի պատասխանատուն կը նկատէ քիւրտերը՝ ակնարկելով Անգարայի այն պնդումներուն, թէ վերջերս տեղի ունեցած պայթումին պատասխանատուն սուրիացի քիւրտերն էին։

 



comments

Advertisement