Լարուած կացութիւն սահմանին վրայ

By Asbarez | Saturday, 27 February 2016

 

0227front

ԵՐԵՒԱՆ - 25 Փետրուարէն 26 Փետրուար լուսցող գիշերը  ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ պահպանուած է նախօրէին արձանագրուած լարուածութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ նշեալ ժամանակաշրջանին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2000 կրակոց: Նախարարութեան հաստատումով՝ <<պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը վերահսկում են պետական սահմանը եւ անհրաժեշտութեան դէպքում դիմում պատժիչ գործողութիւնների>>:

 

comments

Advertisement