Հայաստան առաջատար է արտակարգ իրավիճակներու ոլորտին մէջ պատրաստութեան տեսանկիւնէ

By Asbarez | Saturday, 27 February 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող, Զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթօն 26 Փետրուարին ստորագրած են համաձայնագիր՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿի միջեւ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու ատեն մարդասիրական օգնութեան բեռներու ու մարդասիրական օգնութիւն իրականացնող անձնակազմի գոյքի ներածումը, արտածումը եւ տարանցումը պարզեցուած կարգով կազմակերպելու վերաբերեալ:

Աղէտներու պարագային այս փաստաթուղթով փրկարարական խումբերուն կարելիութիւն կը տրուի իրենց գոյքը դիւրութեամբ անցընել կարիքաւոր երկրի սահմանէն ներս: Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը եւս պարտաւոր է այդ մէկը կատարել անհրաժեշտութեան պարագային։  <<2015թ. Սեպտեմբերին մեր քաղաքային որոնողափրկարարական թիմը դարձաւ Միջազգային որոնողափրկարարական խորհրդատուական խմբի (INSARAG) անդամ: Եթէ մէկս միւսին նեցուկ չլինենք, խոշոր աղէտների դէմ պայքարը շատ դժուար կը լինի>>, աւելցուցած է նախարարը։

Պրետլի Պուզեթթօն դիտել տուած է, որ այս համաձայնագիրով Հայաստան ասկէ ետք պատրաստ է միջազգային որեւէ աղէտի պարագային ուղարկել արագ արձագանգման իր ուժերը՝ շատ դիւրութեամբ: <<Հայաստանը Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժէն ետք դարձած է ո՛չ միայն տարածաշրջանի, այլ նաեւ աշխարհի առաջատար պետութիւններէն մէկը՝ արտակարգ իրավիճակներու ոլորտին մէջ պատրաստուածութեան տեսանկիւնէ: Ասոր համար Հայաստան արժանի է մեծ գովասանքի եւ ճանաչման, քանի որ անիկա ներկայիս կը դասուի շարքին աշխարհի տասը բարձրակարգ պետութիւններուն, որոնք ունին նման համաձայնագիր եւ կ՛օգտուին մարդասիրական օգնութեան տրամադրման ու ստացման պարզեցուած կարգէն>>, յայտնած է ան:

 

comments