By Asbarez | Tuesday, 01 March 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ օրերէ ի վեր առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ <<Ճումհուրիյէ>>չ թերթի խմբագիր Ճան Տիւնտարի եւ լրագրող Էրտեմ Կիւլի ազատ արձակումը։ Երեք ամիս բանտարկուելէ ետք Սահմանադրական ատեանի որոշումով բանտէն ազատ արձակուած Տիւնտար շարունակեց քննադատել կառավարութիւնը, բառերը չխնայելով մասնաւորաբար նախագահ Էրտողանի հասցէին։ Շաբաթ օրուան իր սիւնակին մէջ, ան կծու եւ հեգնական տողերով շնորհակալութիւններ յայտնեց Էրտողանին, ինքզինք պահ մը նոյնացնելով Էրտողանի կողմնակից թերթերուն։ Ան Էրտողանին <<շնորհակալութիւն կը յայտնէ>>, որ այժմ ինքն ալ ապրած է բանտարկուած ըլլալու փորձառութիւնը եւ բանտին մէջ մնալով պաշտպանուած էր <<խոզի կռիփ>>ի համաճարակէն եւ օդի ապականումէն եւ այլն։
Իր կարգին, Էրտողան Փետրուար 28ին անդրադարձաւ այս հարցին ու յայտնի դարձուց, որ անդրդուելի կը մնայ իր դիրքորոշումին մէջ։ Նախագահ Էրտողան պախարակեց Սահմանադրական ատեանի որոշումը, եւ կրկնեց, որ երկու լրագրողները բանտարկուած էին <<լրտես>>ութեան յանցանք գործած ըլլալու հետեւանքով, ուստի Սահմանադրական ատեանի որոշումը ճիշդ չէր եւ ինք այս որոշումին պիտի չհնազանդի, որովհետեւ յարգանք չի զգար այդ որոշումին նկատմամբ։ Ան պնդեց, որ լրագրողներուն դատավարութիւնը պիտի շարունակուի, եւ թէ երկու լրագրողները կրնան դարձեալ բանտարկուիլ։
Էրտողանի վերոյիշեալ խօսքերը անմիջապէս իրենց անդրադարձը ունեցան խորհրդարանին մէջ, ուր մասնաւորաբար ընդդիմադիր հանրապետական երեսփոխաններ պնդեցին, որ Էրտողան ճնշում կը բանեցնէ դատարաններուն վրայ եւ կը ջանայ երկու լրագրողները դարձեալ բանտ առաջնորդել։
ԿԱՅԱՆ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՓԱԿՈՒԻ
Վերջերս, պատկերասփիւռի բազմաթիւ կայաններ, որոնք կառավարութեան նկատմամբ ընդդիմադիր դիրք ունին, մէկ առ մէկ կը ստիպուին դադրեցնել իրենց հաղորդումը, պետական որոշումով։ Անցնող շաբաթավերջին անոնց միացաւ <<IMC TV>> կայանը, Անգարայի գլխաւոր դատախազութենէն եկած հրահանգով մը։
Նշենք, որ կայանին պատասխանատուները յայտարարեցին, թէ հինգ տարիներէ ի վեր անկողմնակալ մերձեցումով լրատուութիւն կ՛ընէին, իսկ հիմա մնացած են ապօրինի որոշումի մը հետ դէմ յանդիման։
Յատկանշական է, որ հաղորդումը կասեցուած է ճիշդ այն պահուն, երբ կը սփռուէր Ճան Տիւնտարի հետ հարցազրոյց մը։
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ օրերէ ի վեր առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ <<Ճումհուրիյէ>>չ թերթի խմբագիր Ճան Տիւնտարի եւ լրագրող Էրտեմ Կիւլի ազատ արձակումը։ Երեք ամիս բանտարկուելէ ետք Սահմանադրական ատեանի որոշումով բանտէն ազատ արձակուած Տիւնտար շարունակեց քննադատել կառավարութիւնը, բառերը չխնայելով մասնաւորաբար նախագահ Էրտողանի հասցէին։ Շաբաթ օրուան իր սիւնակին մէջ, ան կծու եւ հեգնական տողերով շնորհակալութիւններ յայտնեց Էրտողանին, ինքզինք պահ մը նոյնացնելով Էրտողանի կողմնակից թերթերուն։ Ան Էրտողանին <<շնորհակալութիւն կը յայտնէ>>, որ այժմ ինքն ալ ապրած է բանտարկուած ըլլալու փորձառութիւնը եւ բանտին մէջ մնալով պաշտպանուած էր <<խոզի կռիփ>>ի համաճարակէն եւ օդի ապականումէն եւ այլն։
Իր կարգին, Էրտողան Փետրուար 28ին անդրադարձաւ այս հարցին ու յայտնի դարձուց, որ անդրդուելի կը մնայ իր դիրքորոշումին մէջ։ Նախագահ Էրտողան պախարակեց Սահմանադրական ատեանի որոշումը, եւ կրկնեց, որ երկու լրագրողները բանտարկուած էին <<լրտես>>ութեան յանցանք գործած ըլլալու հետեւանքով, ուստի Սահմանադրական ատեանի որոշումը ճիշդ չէր եւ ինք այս որոշումին պիտի չհնազանդի, որովհետեւ յարգանք չի զգար այդ որոշումին նկատմամբ։ Ան պնդեց, որ լրագրողներուն դատավարութիւնը պիտի շարունակուի, եւ թէ երկու լրագրողները կրնան դարձեալ բանտարկուիլ։
Էրտողանի վերոյիշեալ խօսքերը անմիջապէս իրենց անդրադարձը ունեցան խորհրդարանին մէջ, ուր մասնաւորաբար ընդդիմադիր հանրապետական երեսփոխաններ պնդեցին, որ Էրտողան ճնշում կը բանեցնէ դատարաններուն վրայ եւ կը ջանայ երկու լրագրողները դարձեալ բանտ առաջնորդել։
ԿԱՅԱՆ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՓԱԿՈՒԻ
Վերջերս, պատկերասփիւռի բազմաթիւ կայաններ, որոնք կառավարութեան նկատմամբ ընդդիմադիր դիրք ունին, մէկ առ մէկ կը ստիպուին դադրեցնել իրենց հաղորդումը, պետական որոշումով։ Անցնող շաբաթավերջին անոնց միացաւ <<IMC TV>> կայանը, Անգարայի գլխաւոր դատախազութենէն եկած հրահանգով մը։
Նշենք, որ կայանին պատասխանատուները յայտարարեցին, թէ հինգ տարիներէ ի վեր անկողմնակալ մերձեցումով լրատուութիւն կ՛ընէին, իսկ հիմա մնացած են ապօրինի որոշումի մը հետ դէմ յանդիման։
Յատկանշական է, որ հաղորդումը կասեցուած է ճիշդ այն պահուն, երբ կը սփռուէր Ճան Տիւնտարի հետ հարցազրոյց մը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ