By Asbarez | Tuesday, 01 March 2016

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Մինչ Իրանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու հաշուարկը կը շարունակուի, նախնական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ բարեկարգումներու ջատագովները ապահոված են խորհրդարանին մէջ Թեհրանի վերապահուած երեսուն աթոռներէն առնուազն 28ը:
Աւելի կարեւոր՝ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւններուն, Թեհրանի վերապահուած 16 աթոռներէն 15ը բարեկարգիչները շահած են, այսպիսով անոնք պիտի կարենան 88 հոգինոց մարմինին մէջ պահպանողականներէն խլել մեծամասնութիւնը։
Քաղաքական վերլուծաբաններ խորհրդարանական եւ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւնները կը նկատեն Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի վարած քաղաքականութեան շուրջ հանրաքուէ մը:
Նախագահ Ռուհանիի կողքին Փորձագէտներու խորհուրդի անդամ ընտրուած է նախկին նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանճանի, որ ներկայ նախագահին նման բարեկարգումներու ջատագով մըն է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ