Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կ՛առաջադրէ Արմէն Մուրադեանի թեկնածութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 01 March 2016

0301armenmuradian


ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - <<Հանրային առողջութեան նոր մարտահրաւէրները>> խորագիրը կրող միջազգային նախարարական համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած հիւրերէն է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւրոպական տարածաշրջանային գրասենեակի քաղաքականութեան վարչութեան ղեկավար Փիրոժքա Օսթլին, որ 29 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանի հետ։

Քննարկման ընթացքին Արմէն Մուրադեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի ո՛չ միայն արհեստավարժութեան, այլ նաեւ բնակչութեան մօտ վարքագծային փոփոխութեան ապահովման եւ այդ նպատակով հանրութեան տարբեր խումբերու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան: Նախարարը դիտել տուած է, որ այսօր աշխարհին առջեւ լուրջ մարտահրաւէր է ոչ վարակիչ հիւանդութիւններուն պատճառով արձանագրուած մահերը, որոնք տարեկան 40 միլիոնի կը հասնին։

ԱՀԿի ներկայացուցիչը՝ բարձր գնահատելով Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան այս նախաձեռնութիւնը՝ իրենց կազմակերպութեան կողմէ համակողմանի աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է: Ան ներկայացուցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ մշակուող կրթական եւ քարոզչական աշխատանքներու կազմակերպման վերաբերող ծրագիրները՝ հանրային առողջապահական ոլորտին մէջ կարեւոր նկատելով ամբողջ հասարակութեան եւ կառավարութիւններու աշխոյժ մասնակցութիւնը: Ան նշած է, որ այս տարուան Մայիսին Ժընեւի մէջ պիտի գումարուի ԱՀԿի 69րդ վեհաժողովը, որուն փոխնախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած է Արմէն Մուրադեանի թեկնածութիւնը։

 


comments