Թուրքիոյ մէջ Աթաթիւրքի ազդեցութիւնը կը տկարանայ «Իքոնոմիսթ»

By Asbarez | Wednesday, 02 March 2016

0223erdo

 

ԼՈՆՏՈՆ - Բրիտանական <<Իքոնոմիսթ>> շաբաթաթերթը <<Էրտողանի Նոր Սուլթանութիւնը>> խորագիրով յօդուած մը հրապարակած է՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքին: Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, թէ վարչապետ եւ ապա նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի առաջնորդութեամբ, երկիրը աստիճանաբար աւելիով կ՛իսլամականանայ:

<<Թուրքիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը փոփոխութեան սկսաւ ենթարկուելու, երբ իշխանութեան հասաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը>>, կը գրէ թերթը՝ աւելցնելով, որ իսլամութեան դերի աճով, երկրին մէջ աստիճանաբար նահանջ սկսած է արձանագրելու Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կողմէ առաջ քշուած աշխարհիկութեան սկզբունքը:

Յօդուածը նաեւ կ՛անդրադառնայ անցեալ տարուան Յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնց ընթացքին իշխող կուսակցութիւնը չստացաւ այնքան քուէ, որքան անհրաժեշտ էր խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելու համար:

<<Այս մէկը անսպասելի էր իշխող կուսակցութեան համար: Սակայն, Նոյեմբերին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իշխող կուսակցութիւնը կրցաւ յաջողութիւն արձանագրել եւ ի վերջոյ ստացաւ այնքան քուէ, որ խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմէ: Այնուամենայնիւ, հակառակ անոր որ Թուրքիոյ բնակչութեան կէսը կը սատարէ Էրտողանին, միւս կէսը թերահաւատօրէն կը մօտենայ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան, կամ ուղղակի՛ անոր դէմ հանդէս կու գայ>>, կը գրէ թերթը:

Նշենք, որ թերթը 2013ի Յունիսին եւս Էրտողանին <<սուլթան>> կոչումը տուած էր, միաժամանակ կողքին վրայ հրատարակելով Էրտողանի մէկ նկարը՝ սուլթանի տարազով։

 


comments