By Asbarez | Wednesday, 02 March 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ, ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով ազդարարեց, որ Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւնը զինադուլը տապալող հարուած մը պիտի ըլլայ՝ աւելցնելով. <<Թուրքիոյ վարմունքը Սուրիոյ մէջ՝ զինադուլի սեղանին տակ զետեղուած եւ լարուած ռումբի մը համազօր է>>: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տակաւին չեն հրաժարած սուրիական շրջանները հարուածելու գաղափարէն՝ ընդգծելով, որ <<Սուրիոյ սահմանամերձ երկիրներուն կողմէ զինուորական պատրաստութիւնները չեն կրնար չմտահոգել Ռուսիոյ իշխանութիւնները>>:
Ռիապքով յայտնեց, թէ Մոսկուա կը յուսայ, որ միջսուրիական բանակցութիւններու մասնակիցները դաշնակցային հանրապետութեան ստեղծման գաղափարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:
Մինչ այդ, ՆԱԹՕ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական ներկայութեան աճին հարցով:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի գործադրման շուրջ համաձայնութիւնները:
<<Զրուցակիցները գնահատականներ փոխանակած են սուրիական հողին վրայ մարտական գործողութիւններու դադրեցման շուրջ համաձայնութիւններու գործադրութեան վերաբերեալ՝ շեշտելով մեր երկիրներուն միջեւ զինուորական գծով սերտ համակարգման կարեւորութիւնը>>, նշած է նախարարութիւնը:
Իր կարգին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Մարտ 1ին յայտարարեց, թէ 4րդ օրն ըլլալով, զինադուլը մեծ մասամբ կը յարգուի, եւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է մարդասիրական օժանդակութեանց տրամադրումը կրկնապատկել։
Քերի եւս յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն գոհ է զինադուլի գործադրութեան ընթացքէն եւ կոչ ըրաւ հետապնդելու զինադուլի պայմաններու իւրաքանչիւր խախտում։ Սակայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ սահմանակից Քանասպա գիւղը այցելող ռուս եւ օտար լրագրողները թրքական հողամասերէն ռմբակոծումի ենթարկուած են <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի կողմէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ