By Asbarez | Wednesday, 02 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական <<Միլլիյէթ>> թրեթը կը փոխանցէ, որ այս տարուան Յունուար ամսուան ընթացքին, Թուրքիայէն Ռուսիա արտածումներու ծաւալները, անցեալ տարուան նոյն ամսուան համեմատ, նուազած են մօտաւորապէս 22 տոկոսով՝ իջնելով 9.5 միլիառ տոլարի, ինչ որ ամսական ամենացած չափանիշն է 2011էն ի վեր: Իսկ դէպի Թուրքիա ներմուծումները նուազած են 19.7 տոկոսով՝ հասնելով 13.4 միլիառ տոլարի։
Յատկանշական է նաեւ, որ նոյն ամսուան ընթացքին նուազում կրած է Եւրոմիութեան հետ Թուրքիոյ առեւտուրը։ Արդարեւ, Յունուար ամսուան ընթացքին դէպի Եւրոմիութիւն արտածումները 9.7 տոկոսի անկում կրած են։
Վերադառնալով Թուրքիա-Ռուսիա կապերուն՝ նշենք, որ ռուսական օդանաւին զգետնումէն ետք, ռուսական կողմին որդեգրած պատժամիջոցները՝ հանդէպ Թուրքիոյ, զօրաւոր հարուած մը հասցուցած են Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզին։ <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>> կը հաղորդէ, որ այս տարուան Փետրուարին, Անթալիա այցելած է միայն 55 ռուս զբօսաշրջիկ, մինչ անցեալ տարի նոյն ամսուան ընթացքին, ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը հասած էր 8037ի: Նշեք, որ զբօսաշրջութեան այս կեդրոնը 2016ի Յունուարին ընդհանուր առմամբ արձանագրած էր զբօսաշրջիկներու թիւի 30 տոկոսի անկում, իսկ միայն Փետրուարին, անկումը հասած է 39 տոկոսի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ