By Asbarez | Wednesday, 02 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - Վեց երկիրներու առողջապահութեան ոլորտի ղեկավարները Երեւանի մէջ ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն մը՝ հանրային առողջապահութեան հարցերու վերաբերող: Տուեալ ոլորտին մէջ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար տարածաշրջանային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը հաստատող փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած են Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան, Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարար Վերոնիքա Սքուորցովա, Իրանի առողջապահութեան եւ բժշկական կրթութեան նախարար Հասան Հաշեմի, Վրաստանի աշխատանքի, առողջապահութեան եւ ընկերային գործոց նախարար Դաւիթ Սերգէյենլօն, Պելոռուսի առողջապահութեան նախարար Վասիլի Ժարքօ եւ Ղազախիստանի առողջապահութեան փոխնախարար Ելժան Պիրթանով:
Ստորագրուած հռչակագիրին համաձայն՝ հանրային առողջապահութիւնը ո՛չ միայն ազգային անվտանգութեան պահպանման առաջնահերթ գործօն է, այլ նաեւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան չափանիշ:
Հանրային առողջապահութեան համար ներդրուող նիւթական միջոցներու տնտեսական արդիւնաւէտութեան թեմային իրենց զեկոյցներուն մէջ անդրադարձած են համաժողովի գրեթէ բոլոր զեկուցողները: Նշուած է, որ քաղաքական գործիչներուն կողմէ առողջապահութեան ոլորտի ծախսերը կ՛ընկալուին իբրեւ զուտ ծախսեր, սակայն անոնք խորքին մէջ ներդրում են տնտեսութեան մէջ, ճիշդ է՝ երկարաժամկէտ, որուն արդիւնքները քանի մը տարիէն շօշափելի կը դառնան, սակայն շատ անհրաժեշտ եւ արդիւնաւէտ։ Արձանագրուած է նաեւ, որ առողջապահութիւնը արտօնութիւն չէ, այլ իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքը:
Արմէն Մուրադեան դիտել տուած է, որ համակարգը առողջապահութեան համակարգ անուանելը արդէն ինքնին խօսուն է, սակայն պէտք է ամէն ջանք ի գործ դրուի առողջապահութիւնը ամէն ինչէ վեր եւ առաջ նկատելու համար։ <<Առողջութիւնը ցանկացած հասարակութեան համար պիտի սահմանուի որպէս բացարձակ մեծութիւն: Մենք պիտի բնակչութեանը ուղղորդենք դէպի արժէքների այնպիսի սանդղակ, որտեղ առողջութիւնը պետական բացարձակ արժէք է համարւում>>, ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ինչպէս ելեւմտական կեանքի մէջ, առողջապահականի պարագային ալ կան աշխատանքներ ու ծրագիրներ, որոնց արդիւնքը շուտով ի յայտ չի գար, այլ ապագայի իմաստով մեծ արժէք կը ներկայացնեն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ