By Asbarez | Thursday, 03 March 2016

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի նիստին ընթացքին դարձեալ յայտարարեց, որ Թուրքիայէն մարդասիրական օգնութեան բեռնատարներու շարասիւնով զէնք կը տարուի Սուրիոյ զինեալներուն: <<Պէտք է կասեցնել ահաբեկիչներու մատակարարումը դուրսէն, որուն համար անհրաժեշտ է փակել Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանը>>, ընդգծեց ան:
Լաւրով նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ նման տեղեկութիւններ հրապարակող թուրք լրագրողները Անգարայի կողմէ դատական հետապնդումներու կ՛ենթարկուին ու կը բանտարկուին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններու կացութեան վատթարացման գծով:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա նշեց, որ Սուրիոյ խաղաղութեան բանակցութիւնները պիտի վերսկսին Մարտ 9ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ