By Asbarez | Friday, 04 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ Մարտին նահանգին մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ Մարտ 3ին տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն հետեւանքով, սպաննուած են առնուազն երեք թուրք զինուորներ։
Թրքական <<Հապերլեր>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ այս միջադէպին մասին երկրի սպայակոյտին տարածած յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, թէ բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 8 քիւրտ զինեալներ։
Միւս կողմէ, թուրք ոստիկաններ Մարտ 3ին սպաննած են երկու կին զինեալներ, որոնք կրակ բացած են Պոլսոյ ոստիկանատուներէն մէկուն վրայ։ Վիրաւորուած են նաեւ երկու ոստիկաններ։ <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ զինեալները անդամ էին ծայրայեղ ձախակողմեան Ժողովուրդի ազատագրութեան յեղափոխական կուսակցութիւն-ճակատին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ