Սերժ Թանքեան հետաքրքրուած է Գիւմրիի անօթեւաններու հարցի լուծմամբ

By Asbarez | Friday, 04 March 2016

 

0304serjtankian

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - <<Սիսթըմ աֆ է Տաուն>> խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով, խօսած է նախաձեռնութեան մասին խումբ մը գործիչներու, որոնք բրիտանական կայքի մը միջոցով ձեռնարկած են դրամահաւաքի Գիւմրիի անօթեւաններուն համար բնակարան գնելու նպատակով։

13 ընտանիքի համար բնակարան գնելու համար սկսած առցանց դրամահաւաքի առաջին 20 օրուան ընթացքին կարելի եղած է հաւաքել 12,500 փաունտ: Սակայն գործիչներուն նպատակն է հաւաքել 110,000 փաունտ:

Ողջունելով երիտասարդներուն նախաձեռնութիւնը՝ Թանքեան նշած է, որ ինք եւս հետաքրքրուած է այս խնդիրի լուծմամբ:


comments

Advertisement