By Asbarez | Tuesday, 08 March 2016
ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Մարտ 5-6ին Իրան իր կատարած այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա ու Իրան շրջանին մէջ յարանուանական տագնապին վերջ տալու համար պէտք է <<հասարակաց տեսլական>> մը զարգացնեն: Տաւութօղլու, որ իբրեւ վարչապետ՝ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Իրան, այդ երկրի նախագահ Հասան Ռուհանիին հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա պատրաստ է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար Իրանի հետ ամբողջական կերպով գործակցելու՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրները սուրիական տագնապին վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներ ունին:
Իր կարգին, Ռուհանի յայտնեց, որ Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ շրջանային հարցերու լուծման: Ան աւելցուց, որ երկու երկիրները հասարակաց նպատակներ ու շահեր ունին եւ պէտք է հասարակաց թշնամիին, այսինքն՝ ահաբեկչութեան դէմ իրենց պայքարին մէջ գործակցին եւ այդ պայքարին վրայ կեդրոնանան. ան շեշտեց. <<Շրջանի պետութիւններն ու ժողովուրդները միա՛կն են, որ կրնան անոր խնդիրները լուծել>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ