Անգարա իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ նաեւ <<Ճիհան>> լրատու գործակալութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 09 March 2016

 

0309Cihan

ՊՈԼԻՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Շարունակելով այլախոհ ձայները լռութեան մատնելու իրենց արշաւը՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Մարտ 8ին իրենց հակակշիռին տակ առին նաեւ <<Ճիհան>> լրատու գործակալութիւնը, որ կապեր ունի անցած շաբաթավերջին գրաւուած ընդդիմադիր գլխաւոր թերթին՝ <<Զաման>>ի հետ։

Միւս կողմէ, <<Զաման>> սկսած է Գերմանիոյ մէջ հրատարակուելու՝ նկատի ունենալով, որ անիկա արդէն իսկ 14,000է աւելի բաժանորդներ ունի այդ երկրին մէջ։ Գերմանիա լոյս տեսած իր առաջին թիւի առաջին էջը սեւ տպուած է՝ կրելով միայն սպիտակ գիրերով հետեւեալ խորագիրը՝ <<Սահմանադրութիւնը æնջուած Է>>, մինչ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող <<Զաման>>ը կը շարունակէ գովաբանել նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի <<իրագործումներ>>ը։

Նշենք, որ բրիտանական <<Ինտիփենտընթ>> թերթը Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին նկատմամբ Եւրոպական Միութեան անտարբերութիւնը անուանած է ամօթալի՛: <<Եւրոմիութիւնը ամօթալի կերպով կ՛անտեսէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումները եւ մենատիրութեան աճը>>, գրած է թերթը՝ նշելով, որ այդ մէկը կը կատարուի տեղահանուածներու ճգնաժամին հարցով Անգարայի հետ համագործակցելու ակնկալիքներուն պատճառով:

Էրտողանի հակաժողովրդավարական քայլերը քննադատած է նաեւ բրիտանական <<Թայմզ>>ը։ <<Մենատէրը Անգարայի Մէջ>> խորագրեալ յօդուածին մէջ թերթը գրած է. <<Հակառակ անոր, որ Թուրքիան կը հանդիսանայ անկայուն շրջանին մէջ ՆԱԹՕի կենսական դաշնակիցը, սակայն Արեւմուտքը պէտք է բացայայտ կերպով քննադատէ Էրտողանի հետզհետէ աճող մենատիրական քաղաքականութիւնն ու քմահաճ վարքը>>:

 



comments

Advertisement