Եւրոմիութիւն - Իրան գործակցութիւնը դրականօրէն պիտի ազդէ շրջանին վրայ Մոկերինի

By Asbarez | Wednesday, 09 March 2016

 

0302mogherini

ՊԱՔՈՒ -  Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի ատրպէյճանական <<Թրենտ>> լրատու գործակալութեան հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոմիութիւնը կը ձգտի քաղաքական երկխօսութիւն հաստատել Իրանի հետ եւ վերականգնել տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան նաեւ Իրանի դրացի երկիրներուն եւ ամբողջ շրջանին վրայ: Մոկերինի կը ծրագրէ Իրան այցելել գարնան, սակայն այցելութեան թուականը առայժմ որոշուած չէ: Ան նշած է, որ մտադիր է Իրան այցելել Եւրոմիութեան այլ յանձնակատարներու հետ, որպէսզի քննարկէ <<շրջանային եւ երկկողմանի համագործակցութեան հարցերը>>:

 

 


comments