Հռոմի Պապը խորհրդանշական քար նուիրած է Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ

By Asbarez | Wednesday, 09 March 2016

0309pope

ԳԻՒՄՐԻ, <<Արմէնփրէս>> - Ֆրանսիս պապտը Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ հայ կաթողիկէ տաճարին նուիրած է խորհրդանշական քար մը՝ վերցուած Հռոմի Ս. Պետրոսի Մայր տաճարի պատէն՝ իրբեւ նշան միութեան եւ հաղորդութեան:

Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանին համաձայն՝ պապին անունով քարը ուղարկած է Վատիկանի Ս. Պետրոսի Պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի՝ յատուկ նամակի մը ընկերակցութեամբ: 8 Դեկտեմբեր 2015 թուակիր նամակին մէջ կարտինալը գրած է, որ Պապին նուիրած քարը զետեղուած էր Ս. Պետրոսի տաճարի Ս. Դրան մէջ, 2000ին՝ ձեռամբ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի: Քարը Ս. Պետրոսի տաճարէն վերցուած է Ողորմութեան յոբելենական տարուան բացման առթիւ՝ 8 Դեկտեմբեր 2015ին, Անարատ Յղութեան տօնին: Գրուած է նաեւ, որ այս քարը կը նուիրուի <<իբրեւ նշան սերտ հաղորդութեան սրբազան քահանայապետին հետ, որ յաջորդն է Պետրոս առաքեալին, եւ որպէս մասնակցութիւն հոգեւոր շնորհներու յոբելենական տարուան>>:

Կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի այնուհետեւ կը գրէ. <<Լիայոյս ենք, որ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ընթացքին ձեր սիրտերը խաղաղութեամբ կը լեցուին, ինչ որ աստուածատուր շնորհ մըն է, որպէսզի կարողանաք սերմանել սիրտերուն մէջ բոլոր այն մարդոց, որոնք պիտի հանդիպին ձեզի>>: Ըստ առաջնորդարանի հաղորդագրութեան, խորհրդանշական քարը պիտի զետեղուի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատին մէջ։

 

comments