Տաւութօղլուի հակահայ յայտարարութեան դէմ դատական բողոք

By Asbarez | Thursday, 10 March 2016

0217Davud

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը դիմեց Պոլսոյ դատախազութիւն՝ իբրեւ յանցաւոր ներկայացնելով վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն եւ Աշքալէի քաղաքապետ Էնվեր Պաշարանը։

Յանձնախումբը քննադատեց վարչապետը, որ <<հայ հրոսախումբեր>> բացատրութիւնը գործածած էր, ինչպէս նաեւ՝ Աշքալէի քաղաքապետը, որ <<Ազատագրութեան>> հանդիսութեան ընթացքին ըսած էր. <<Անգամ մը եւս երախտագիտութեամբ կը խոնարհիմ իմ պատուական նախնիներուս յիշատակին առջեւ, որոնք հայերը այս հողերէն վտարեցին, փրցուցին ու նետեցին>>։

Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի անդամները նախ Պոլսոյ դատախազութեան շէնքին առջեւ կատարեցին մամլոյ յայտարարութիւն մը։ Յանձնախումբի անդամ, փաստաբան Էրեն Քեսքին յայտարարեց, որ վարչապետն ու Աշքալէի քաղաքապետը յանցանք գործած են <<տարբեր կրօնքի, ցեղի, դասակարգի պատկանող ժողովուրդի մը դէմ՝ այլ ժողովուրդ մը հրապարակաւ քինախնդրութեան եւ թշնամութեան մղելով>>։

Միութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է. <<Թուրքիոյ զինեալ ուժերը, որոնք ժողովուրդին դրամով կը սնանին, կառավարութեան հրամանին ներքեւ ամիսներէ ի վեր պատերազմ հռչակած են երկրի քիւրտ ժողովուրդին դէմ։ Բանակը, որ պաշտօնն ունի դուրսէն եկած սպառնալիքներուն դիմաց պաշտպանելու իր ժողովուրդը, հակառակ անոր՝ ի՛ր երկիրը կը ռմբակոծէ եւ իր հայրենակիցները ամէնէն սարսափելի միջոցներով կը սպաննէ։ Այս պատերազմը սկիզբէն ի վեր ցեղապաշտական պատերազմ մըն է։ Քիւրտերու դէմ ցեղապաշտութիւնն ու հայերու դէմ ցեղապաշտութիւնը քալեցին թեւանցուկ։ Հայրենակիցներուն, մեր բոլորի՛ն տուրքերով գնուած զրահապատ կառքերը՝ <<Հայ էք, հայ էք, հայու ապօրինի զաւակներն )փիճ) էք>> կարգախօսներով պտըտեցան փողոցներու մէջ։ Ապահովական ուժերը, որոնք մեր տուրքերով կը սնանին, պատերու վրայ <<Հայու փիճեր>> գրեցին։ Փետրուար 27ին, Պինկէօլի (Բիւրակն) մէջ վարչապետ Տաւութօղլու ըսաւ. <<Քիւրտերը, այնպէս ինչպէս 1915ին հայ հրոսախումբերը ըրին, Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան մէջ են հիմա։ Կ՛երթան Մոսկուա ներկայացուցչութիւն բանալու>>։ Ասիկա գրգռութիւն է ժողովուրդի մը կողմէ ուրիշ ժողովուրդի մը դէմ։ Բայց միայն գրգռութիւն չէ, այլ՝ սպառնալիք մը, որ կը նշանակէ՝ <<Այն, ինչ ըրինք հայերուն, ձեզի՛ ալ կ՛ընենք>>։ Քանի մը օր ետք, Մարտ 3ին, Աշքալէի մէջ ներկայացում մը կատարուեցաւ <<Ազատագրութեան տօնակատարութիւններ>> անունով, որուն ընթացքին <<հայերու կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւն>>ը ներկայացուեցաւ մանրամասնօրէն, եւ դպրոցական տղոց՝ հայերը սպաննելու դեր տրուեցաւ։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ զինուորական եւ պետական ամբողջ աւագանին՝ ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ։ Գիւղապետն ու դատախազը, նոյնիսկ բանակի հրամանատարն ալ ներկայ էին։ Աշքալէի քաղաքապետ Էնվեր Պաշարան հանդիսութեան ընթացքին երկար ու երկար ատելութիւն փսխեց հայերուն հասցէին եւ <<երախտագիտութեամբ>> յիշեց հայերու դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը՝ ըսելով. <<Հայ հրոսախումբերուն կողմէ՝ ազնուական թուրք ժողովուրդին դէմ սնուցուած թշնամութիւնը երբե՛ք չէ վերջացած։ Հայ հրոսախումբերը, որոնք պատմութիւն, սկզբունք, իրաւակարգ չեն ճանչնար, հիմա Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ գործակցելով՝ մեր հողերուն վրայ անջատողական աշխատանք կը տանին։ Ռուսիոյ օրինակով ալ ապացուցուեցաւ, որ այս հրոսախումբերուն կողմէ մեր պետութեան դէմ սնուցուած յոռի զգացումները երբե՛ք վերջ պիտի չգտնեն>>։

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ այս խօսքերով Պաշարան թէ՛ սուտ խօսած է ժողովուրդին եւ թէ յանցանք գործած է՝ ժողովուրդը հրահրելով յանցանք գործելու։ Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. <<Ձեր այդ հպարտացած նախնիքը հայերու դէմ Ցեղասպանութիւն գործեցին, անոնց նիւթական հարստութիւններուն ձեռք դրին։ Յետագայ սերունդները շարունակեցին անոնց արարքները։ Չբաւեցին հայերու դէմ գործուածները։ Հիմա քիւրտերուն հետեւեալ պատգամը կը տրուի. <<Յիշեցէք հայերուն դէմ գործուածը, միեւնոյնը ձեզի ալ կ՛ընենք>>։

Յայտարարութիւնը եզրափակուած է հետեւեալ ձեւով. <<Մենք մեր այս զեկոյցով արձանագրութիւն մը կը թողունք պատմութեան։ Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտութիւնը ի գործ կը դրուի եւ կը հրահրուի՝ պետութեան ամէնէն բարձր դասէն սկսեալ>>։

 

 



comments