Խալիֆայութեան վերահաստատման նուիրուած ժողով Անգարայի մէջ

By Asbarez | Friday, 11 March 2016

0310Ankara-Caliphate

ՊՈԼԻՍ - Թրքական <<Ճումհուրրիյէթ>> թերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի Աթաթիւրքի անուան մարզահամալիրին մէջ, խալիֆայութեան ջնջման (Մարտ 3, 1924) 92րդ ամեակին առիթով, աւելի քան 5000 հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է <<Խալիֆայութեան միջազգային ընդհանուր ժողով>>ը, որուն ընթացքին յայտարարուած է, որ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ մէջ դարձեա՛լ խալիֆայութիւն պիտի հիմնուի:

<<Իսլամութեան թշնամի անհաւատները կը կարծէին, թէ Մարտ 3, 1924ին թաղելով խալիֆայութիւնը՝ իսլամները այլեւս զայն պիտի չվերականգնեն>>, յայտարարած են ընդհանուր ժողովի մասնակիցները:

Ժողովի կազմակերպիչ <<Հիզպուլ Թահրիր>> խմբաւորումը ինքզինք կը նկատէ իսլամութեան գաղափարախօսութեամբ քաղաքական կուսակցութիւն մը:

Այս յետադիմական կազմակերպութիւնը 1000 հոգիի մասնակցութեամբ նոյնանման հաւաք մը եւս կատարած էր Պոլսոյ մէջ:

 

 


comments

Advertisement