<<Իսլամական Պետութեան>> դէմ պայքարին ընթացքին Ամերիկեան օդուժի 19 անդամներ սպաննուած են

By Asbarez | Friday, 11 March 2016

 

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> -  Միացեալ Նահանգներու օդուժի հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, թէ 2014էն ի վեր <<Իսլամական պետութեան>> դէմ Փենթակոնին շղթայազերծած օդային յարձակումներուն ընթացքին, ամերիկեան օդուժի 19 անդամներ սպաննուած են:

Այդ զինուորներէն 8ը սպաննուած է <<թշնամիներու արարքներուն իբրեւ հետեւանք>>, իսկ մնացեալ 11ի սպանութեան մանրամասնութիւնները չեն յստակացած:

Նաեւ, որեւէ տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ իր արշաւին ընթացքին՝ ամերիկեան օդուժին կորսնցուցած կամ վնասուած օդանաւերուն եւ ուղղաթիռներուն մասին:

 


comments