Լաւրով եւ Նալբանդեան կը հանդիպին Մոսկուայի մէջ

By Asbarez | Friday, 11 March 2016

 

 

0311lavrovnalbandian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Պաշտօնական այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 Մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան, պարբերական խորհրդատուութիւններու կայացման:

Նախարարներ Նալբանդեանն ու Լաւրովը միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ հարցերու շուրջ:

Հանդիպման աւարտին անոնք ստորագրած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ 2016-2017ի խորհրդատուութիւններու ծրագիրը, որով կը նախատեսուի յառաջիկայ երկու տարիներուն արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կայացնել միջազգային, տարածաշրջանային խնդիրներու, տեղեկատուական ապահովման, հիւպատոսական եւ այլ հարցերու վերաբերեալ շուրջ երեք տասնեակ խորհրդատուութիւններ:

 



comments