By Aztag Daily | Tuesday, 15 March 2016

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի քիչ առաջ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ՝ պատրաստակամութիւն եւ դրական կեցուածք յայտնած են աղբի տագնապին լուծման առումով, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ իրենք համաձայն պիտի ըլլան իւրաքանչիւր պայմանի։
<<Կարեւորը այն է, որ աղբի տագնապին լուծման համար ամբողջ Լիբանանի տարածքը ներառող լուծում մը գտնուի, իսկ մենք այդ լուծման մէկ բաժինն ենք եւ ոչ թէ՝ այդ տագնապին ամբողջ լուծումը>>, շեշտեց Յ. Բագրատունի։
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ իրենք պահանջած են, որ առաջնահերթութիւնը ըլլայ Պուրճ Համուտի աղբակոյտի վերացումը, իսկ կառուցուելիք աղբանոցը բաժնուի երկու տարածութիւններու վրայ, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտը, իսկ միւսը՝ Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետարանին վերաբերող։
Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ Պուրճ Համուտի աղբանոցը հասնող աղբերը պէտք է տեսակաւորուած ըլլան, պայմանաւ որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իրաւունք ունենայ այդ աշխատանքին հոլովոյթին հսկելու։ <<Մեզի համար առողջապահութիւնը եւ լուծման մասնակից դառնալը կարեւոր են>>, նշեց ան։
Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ կառավարութիւնը կը վաւերացնէ այն լուծումը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, <<իսկ 4 տարի ետք աղբանոցները կը փակուին, եւ այդ պարագային միայն աղբերու մշակումը կը սկսի>>, եզրափակեց ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ