<<Սի.Այ.Էյ.>>ն Ու ՄԻԹը ստեղծած են գաղտնի կեդրոն Մը

By Asbarez | Tuesday, 15 March 2016

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - <<Ուաշինկթըն Փոս>>չ թերթը կը հաղորդէ, որ <<Սի.Այ.Էյ.>>ն ու թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹը, Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ համակարգումի գաղտնի կեդրոն մը ստեղծած են: <<Թուրքիան կը խորացնէ <<Սի.Այ.Էյ.>>ի եւ ամերիկեան այլ հետախուզական ծառայութիւններու հետ համագործակցութիւնը: <<Սի.Այ.Էյ.>>ն ու ՄԻԹի հովանիին տակ կը գործէ գաղտնի կեդրոն մը, որ տեղակայուած է սուրիական սահմանէն ոչ հեռու>>, կը գրէ օրաթերթը:

<<Սի.Այ.Էյ.>>ի ներկայացուցիչները կը նշեն, թէ գաղտնի սպասարկութիւնները այդ կեդրոնը կ՛օգտագործեն յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներէն տեղահանուածներուն մէջ հաւանական ահաբեկիչները յայտնաբերելու համար:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ որդեգրած քայլերուն լոյսին տակ Սուրիա մուտք գործող իսլամ ծայրայեղականներուն թիւը նուազած է մէկ երրորդով, սակայն այդ մէկը նաեւ <<Իսլամական պետութեան>> կրած իրերայաջորդ պարտութիւններուն պատճառով է:

 


comments