Մոսկուա Սուրիոյ մէջ Թրքական ուժերու ներկայութեան վերաբերեալ փաստեր ունի

By Asbarez | Tuesday, 15 March 2016

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մարտ 13ին յայտարարեց, որ Մոսկուա սուրիական հողերուն վրայ թրքական ուժերու ներկայութեան վերաբերող փաստեր ունի:

Լաւրով Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ Թուրքիոյ վարմունքը նկատեց <<յարձակողական ընդարձակում>> մը եւ ըսաւ, որ Ռուսիա կը պնդէ, թէ քիւրտերը եւս պէտք է մասնակցին Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններուն։

Մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն համար քաղաք մը կառուցելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկը՝ Լաւրով վերահաստատեց, թէ Մոսկուա դէմ է սուրիական հողերուն վրայ որեւէ քայլի, որ առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան պիտի կատարուի:

Լաւրով նաեւ նշեց, որ Ռուսիա կը փափաքի Ռաքքայի ազատագրման համար Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգում կատարել՝ աւելցնելով, որ Դամասկոս կը զօրակցի որեւէ համակարգումի, որ տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, որովհետեւ անիկա վստահ է, որ Մոսկուան Սուրիոյ գերիշխանութիւնը պիտի չոտնահարէ:

Իր կարգին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Թուրքիա կը շարունակէ ռմբակոծել Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնապաշտպանական խումբերու դիրքերը։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլի խախտումներ կ՛արձանագրուին, սակայն կարելի եղած է բռնարարքներու մակարդակը զգալիօրէն նուազեցնել: Քերի նշեց նաեւ, որ վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին <<Իսլամական պետութիւն>>ը Սուրիոյ մէջ իր գրաւած հողերէն կարեւոր բաժին մը, ինչպէս նաեւ 600 զինեալ կորսնցուցած է:

 

comments