Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Հայ - Յունական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ

By Asbarez | Tuesday, 15 March 2016


0315serjathens 0315serjathens1 0315serjathens2

ԵՐԵՒԱՆ - Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Մարտին, նախքան բարձրաստիճան այցելութիւններն ու բանակցութիւնները, Աթէնքի մէջ ծաղկեպսակ զետեղած է Անհետ կորսուած զինուորի յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

Յունաստանի նախագահական նստավայրին մէջ կայացած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ  Սարգսեանի եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի առանձնազրոյցը: Հայաստանի նախագահը եւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, որ նախագահ ըլլալէ առաջ Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամ էր եւ բաւական քաջատեղեակ Հայաստանի վերաբերող կարեւորագոյն հարցերէն, քննարկած են միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի՝ միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան, փոխշահաւէտ կարգ մը կարեւոր ոլորտներու մէջ հայ-յունական գործակցութեան զարգացման, միջխորհրդարանական կապերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր: Նախագահները անդրադարձած են նաեւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերուն, ներկայացուցած անոնց վերաբերեալ երկու երկիրներուն մօտեցումները, խօսած Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման առումով բարեկամ Յունաստանի դերակատարութեան, Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ճգնաժամին եւ անոր իբրեւ հետեւանք ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, գաղթականներու ճգնաժամի հետեւանքներուն մասին:

Անկէ ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահին ի պատիւ պաշտօնական ճաշ, որուն ընթացքին երկու երկիրներուն նախագահները հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով՝ անդրադառնալով բարձր մակարդակի հայ-յունական միջպետական յարաբերութիւններուն, զանոնք աւելի զարգացնելու եւ փոխշահաւէտ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման ներուժին, ընդհանուր պատմութեամբ եւ աւանդոյթներով կապուած, երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ այդ բարեկամութեան ամրապնդման իմաստով մեծ դերակատարութիւն ունեցող Յունաստանի հայ գաղութին:

Հայաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ ըսած է. <<Բարեկամ յոյն ժողովրդի հիւրընկալութեան մասին վկայութիւնները յիշատակւում են դեռեւս մեծն Հոմերոսի <<Ոդիսականում>>, այդուհանդերձ, յունական <<քսենիան>> մեզ՝ հայերիս, քաջածանօթ է ոչ միայն գրականութիւնից: Անծանօթին անօգնական չթողնելու պատգամին հաւատարիմ՝ հարիւր տարի առաջ յոյն ժողովուրդը ապաստան տուեց հայրենազրկուած եւ անօթեւան մնացած հազարաւոր հայերի: Եւ այսօր հպարտութեամբ եմ նշում, որ արմատներ ձգելով Յունաստանում՝ հայ համայնքն ամրացաւ ու ծաղկեց՝ իր ստեղծագործ ներդրումը բերելով Յունաստանի շէնացմանն ու նպաստելով հայ-յունական միջպետական համագործակցութեան ամրապնդմանը>>:

Ան դիտել տուած է, որ հայերն ու յոյները աւելի քան բարեկամներ են, որովհետեւ ունին ընդհանուր պատմութիւն եւ աւանդութիւններ։ <<Այսօր մենք ունենք յագեցած երկկողմ օրակարգ՝ քաղաքական գործուն երկխօսութիւնից մինչեւ համագործակցութիւն կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներում: Սերտօրէն փոխգործակցում ենք ռազմական ոլորտում: Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններում Յունաստանը մեր կարեւորագոյն գործընկերներից է: Պարբերական դարձած բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները հնարաւորութիւն են տալիս ուրուագծել համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ: Ասածիս վառ վկայութիւնն իմ այս այցն է, որի հիմնական նպատակն է նոր մակարդակի բարձրացնել մեր տնտեսական համագործակցութիւնը՝ հիմնուելով առկայ ներուժի վրայ>>, ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջարկած բաժակ բարձրացնել յանուն հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր պատմութեան, յանուն ներկայ բարեկամութեան եւ ապագայ սերունդներու յարատեւ համակեցութեան:

Ողջունելով Հայաստանի նախագահն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս ընդգծած է, որ այս այցելութիւնը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ՛առնէ տարբեր ոլորոտներու՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան բարձր մակարդակն ու բացառիկ կարեւորութիւնը:

<<20րդ դարու սկիզբներու երկու ժողովուրդները միեւնոյն պատճառով տառապալից պահեր ապրած են, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը՝ թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ Պոնտոսի յոյներուն, թէ՛ Փոքր Ասիոյ յոյներուն նկատմամբ տեղի ունեցածին մասին: Մենք չենք մոռնար 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հպարտ ենք, որ Յունաստանը այն քիչ երկիրներէն էր, որ օթեւան տուաւ տարագիր հայերուն, նաեւ Յունաստան առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցած հայերուն դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ պոնտոսցիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Պէտք է յիշենք, պարո՛ն նախագահ, որ պատմական յիշողութիւնը կարեւոր է մարդկութեան հաւաքական գիտակցութեան համար, կարեւոր է նաեւ մարդկութեան ապագային համար: Յատկապէս ներկայի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, երբ սեւ, մութ ամպեր հաւաքուած են համաշխարհային հորիզոնին վրայ, պէտք է յիշենք անցեալը, ո՛չ թէ որպէս ատելութիւն սերմանելու միջոց, այլ որպէսզի կարողանանք ապագային խուսափել նման ողբերգութիւններէ>>, ըսած է Յունաստանի նախագահը, որուն տեսակէտին համակարծիք ըլլալով՝ նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Ցեղասպանութիւնը յիշելը եւ դատապարտելը հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակ ունի եւ փաստելու, որ թշնամիները չեն կրցած ազգեր բնաջնջել:

Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս խօսած է զարգացման լայն կարելիութիւններուն եւ հեռանկար ունեցող հայ-յունական երկկողմանի կապերուն մասին, որոնք, ըստ անոր, աւելի պիտի ամրապնդուին նախագահին տուած պաշտօնական այցելութեամբ։

Ան նաեւ հանգամանօրէն անդրադարձած է իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն հարցերուն՝ Յունաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Կիպրական հարցին, տարածաշրջանի մարտահրաւէրներուն, գաղթականներու խնդիրին վերաբերեալ Յունաստանի դիրքորոշումներուն: Այդ պարունակին մէջ ան ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Յունաստանի դիրքորոշումը՝ նշելով, որ Յունաստան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը հետապնդէ միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնքներու եւ եզրերու հիման վրայ բոլոր հարցերուն խաղաղ կարգաւորման սկզբունքը եւ, անշուշտ, նոյն տեսակէտը ունի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով: Յունաստանի նախագահը ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափը այդ հիմնախնդիրի լուծման յարմարագոյն հարթակն է: Ան հաստատած է, որ իր երկիրը կարեւոր կը նկատէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը՝ նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէ:

Աւելի ուշ Աթէնքի Բիւզանդական եւ քրիստոնէական թանգարանին մէջ նախագահները ներկայ գտնուած են <<Հայաստան. Արարատի ոգին>> խորագիրով ցուցահանդէսի բացման, իսկ երեկոյեան նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Յունաստանի հայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

 

 


comments