Ռուսիա կը սկսի իր ուժերը հեռացնելու Սուրիայէն

By Asbarez | Wednesday, 16 March 2016

 

0316Russia Syria

ՄՈՍԿՈՒԱ, ԺԸՆԵՒ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ մէկ օր առաջ տրուած հրահանգին անսալով՝ ռուսական ուժերուն մէկ մասը Մարտ 15ին սկսաւ Սուրիայէն հեռանալու, մինչ Սուրիոյ ապագային շուրջ բանակցութիւնները իրենց երկրորդ օրը կը թեւակոխէին։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Հմայմիմ ռազմակայանէն հեռացած է ռուսական օդանաւերուն առաջին խմբակը:

Փութին շեշտած է, թէ այդ որոշումը տրուած էր՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ռուսական ուժերը մեծաւ մասամբ իրագործած են իրենց համար սահմանուած նպատակները:

Քրեմլին նաեւ հաղորդեց, որ Փութին ռուսական ուժերու <<հիմնական բաժին>>ի՝ Սուրիայէն հեռացնելու հարցը համակարգած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին: Ան Ասատին յայտնած է, թէ Հմայմիմ օդուժի եւ Թարթուսի ծովուժի ռազմակայանները պիտի շարունակեն գործել բնականոն կերպով։ Սուրիոյ նախագահական պալատը հաստատեց այս լուրը՝ նշելով, որ Փութին եւ Ասատ համաձայնութիւն գոյացուցած են ռուսական ուժերու նուազեցման շուրջ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Փութինի որոշումը անակնկալի մատնած է աշխարհի երկիրները, ներառեալ՝ Իսրայէլը:

Մարտ 15ին, Քրեմլին հերքեց այն պնդումները, թէ Մոսկուայի այս քայլը Դամասկոսի վրայ ճնշում բանեցնելու փորձ մըն է, մինչ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայ նախագահը յայտարարեցին, թէ ռուսական ուժերու Սուրիայէն մասնակի հեռացման լուրը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ բանակցութեանց վրայ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ եւս ողջունեց ռուսական ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու Փութինի որոշումը եւ զայն զինադուլը ամրապնդելու գծով դրական քայլ մը նկատեց:

Նաեւ, Սպիտակ տունը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Փութին հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննած են Սուրիայէն ռուսական ուժերու հեռացման որոշումը, որմէ ետք Օպամա յայտարարած է, թէ դիւանագիտական լուծումը սուրիական հակամարտութեան լուծման միակ ուղին է:

Մինչ այդ, տը Միսթուրա յայտնեց, որ խաղաղութիւն հաստատել ջանացողները վճռական են ու կը շարունակեն իրենց աշխատանքը Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակին ճամբով, միաժամանակ նշելով. <<Եթէ լրջօրէն բանակցելու փափաք չնշմարենք, ապա սուրիական հարցը պիտի յանձնենք Ապահովութեան խորհուրդին>>:

<<Մեր առաքելութիւնն է բանակցութիւնները դարձնել համապարփակ, եւ սուրիական բոլոր կողմերը՝ համախմբող։ Ժընեւի բանակցութիւններու յաջողութեան այլընտրանքը պիտի ըլլայ զինեալ բախումներու վերադառնալը>>, ըսաւ ան։

Միջսուրիական բանակցութիւններուն մօտիկ աղբիւր մը յայտնած է, որ քիւրտերը կրնան Ժընեւի բանակցութիւններուն հրաւիրուիլ:

 

 

 

 



comments