Գաղթականներու տագնապին գծով Եւրոմիութիւն-Թուրքիա ծրագիրին դէմ բողոքի ձայներ

By Asbarez | Wednesday, 16 March 2016

ՓԱՐԻԶ - <<Նոր Յառաջ>> թերթը կը գրէ, թէ մինչ Թուրքիա սկսած է ընդունելու Յունաստանէն վերադարձուած գաղթականները, Եւրոմիութեան պետութիւնները կը շարունակեն քննարկել գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքը կասեցնելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու խորապատկերը։

Արդարեւ, Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Եոհաննա Միքըլ Լէյթնըր կասկած յայտնած է Անգարայի հետ նախատեսուած համաձայնութեան նպատակայարմարութեան հանդէպ։ <<Մտահոգիչ երեւոյթ է, որ ընդդիմադիր թերթի մը գրաւումէն երեք օր ետք՝ Թուրքիա պահանջներու ցանկ մը ներկայացնէ եւ վարձատրուի այցագիրի ջնջումի մասին կանխահաս բանակցութիւններով>>, ըսաւ ան։

Այլ մտահոգութիւն մը եւս կը վերաբերի գաղթականներու ընտրած ուղեգիծին։ Հիմա որ փակուած է Պալքաններու ճամբան, հարկ է նախատեսել Միջերկրական ծովու տարբերակը, որուն դէմ է Եւրոմիութիւնը, իսկ Իտալիա արդէն իսկ սկսած է այլ միջոցներ փնտռելու։

Միւս կողմէ, <<Մարմարա>> կը գրէ, թէ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու քննադատած է համաձայնութիւնը։ <<Եկէք մե՛նք տանք 6 միլիառ եուրօ, եւ Եւրոպան թող ընդունի բոլոր սուրիացիները, աֆղաններն ու փաքիստանցիները>>, ըսած է ան։

Անդրադառնալով վարչապետի այն դիտարկումին, թէ Եւրոմիութեան հետ շահաւէտ սակարկութիւն մը եղած է, Քըլըճտարօղլու նշեց, որ իշխանութիւնները կրնան խորհիլ, թէ խաբած են եւրոպացիները, բայց իրականութեան մէջ՝ Թուրքիա դարձած է գաղթականներու հսկայ ճամբար մը։

 

comments

Advertisement