<<Պրիթիշ Էրուէյզ>> եւս կը հեռանայ Ատրպէյճանէն

By Asbarez | Wednesday, 16 March 2016

 

0315BA

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Բրիտանական <<Պրիթիշ Էրուէյզ>> օդանաւային ընկերութիւնը որոշած է Մայիս 1էն սկսեալ դադրեցնել Լոնտոն-Պաքու-Լոնտոն թռիչքները։ Ընկերութեան Պաքուի ներկայացուցչութիւնը այս որոշումը բացատրած է պահանջի զգալի անկումով, որ այդ թռիչքները առեւտրականօրէն աննպատակայարմար դարձուցած են:

Ներկայիս, <<Պրիթիշ Էրուէյզ>> շաբաթական վեց թռիչք կը կատարէ Լոնտոնի եւ Պաքուի միջեւ. անոնց վերջինը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 29ին:

 



comments