By Asbarez | Wednesday, 16 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Մարտի երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Յունաստանի հայ գաղութի պատկան մարմիններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահը ներկայացուցած է բարեկամ Յունաստան տուած իր այցելութեան օրակարգը, նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ կայացած բանակցութիւններուն արդիւնքները, քննարկուած հարցերը եւ պատասխանած է ներկաներուն հարցումներուն։
Սերժ Սարգսեան ուրախութեամբ հաստատած է, որ հայ-յունական դարաւոր ջերմ յարաբերութիւնները ո՛չ միայն պահպանուած են, այլ նաեւ պետական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու փուլ թեւակոխած են շնորհիւ յունահայ գաղութին դերակատարութեան: <<Անթաքոյց հպարտութեան պահեր եմ ապրում, երբ ամէն անգամ մեր յոյն գործընկերներն անդրադառնում են հայ համայնքի ունեցած ներդրմանը յունական պետութեան զարգացման գործում, երբ առանձնակի ջերմութեամբ է խօսւում հայերի աշխատասիրութեան ու նուիրուածութեան, համայնքի կազմակերպուածութեան մասին>>, ըսած է նախագահը։
Նախագահը անդրադարձած է նաեւ այս տարի իր անկախութեան 25ամեակը նշող Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն, Հայաստանի զարգացման ընթացքին, հեռանկարներուն եւ գերակայ ուղղութիւններուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներուն, տարածաշրջանային եւ միջազգային արդի մարտահրաւէրներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ Հայաստան-Սփիւռք համակարգուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք իրականացած տարբեր նախաձեռնութիւններուն՝ արտաքին եւ ներքին ճակատներուն վրայ։ Նախագահ Սարգսեան այս առումով բարձր գնահատեց Յունաստանը, որ ո՛չ միայն ապաստան տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան մէկ հատուածին եւ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնող առաջին երկիրներէն, այլ նաեւ 2014ին օրէնքի ուժով քրէականացուց Պոնտոսի յոյներուն եւ հայերու ցեղասպանութեան ժխտումը:
Հայաստանն ու հայութիւնը յուզող հարցերուն անդրադառնալով՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է. <<Մենք իսկապէս ունենք միայն երկու մնայուն արժէք՝ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը: Մնացած ամէն ինչ ածանցւում է սրանից: Հետեւաբար մեր ռազմավարական խնդիրներից է կազմակերպուած եւ ուժեղ Սփիւռք ունենալը, իսկ Սփիւռքի գերխնդիրը՝ հայապահպանութիւնն է, ուծացման եւ լեզուամշակութային կորստի դէմ պայքարը ապագայ բոլոր սերունդների համար>>: Ան կարեւոր նկատեց միացեալ եւ հետեւողական ջանքերով նպատակային եւ հեռահար ծրագիրներու մշակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ ազգապահպանման ի խնդիր։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներուն կարգին, նախագահը յատուկ կերպով անդրադարձաւ 17 հազար սուրիահայութեան, որոնք կը գտնուին Հայաստան, որ իր կարելին կ՛ընէ նեցուկ կանգնելու անոնց։ <<Ուրախ եմ, որ սիրիահայութեան աջակցութեան կոչին միացան նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները, այդ թւում նաեւ դուք, ինչի շնորհիւ հնարաւոր եղաւ զգալիօրէն թեթեւացնել նրանց առօրեայ խնդիրները՝ յատկապէս Սիրիայում>>:
Սերժ Սարգսեան լուսարձակի տակ առած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան 25ամեակը, յիշած այդ 25 տարիներու դժուարութիւններն ու վերիվայրումները, յատկապէս՝ աւերիչ երկրաշարժը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ եղած շրջափակումը, քաղաքական ու տնտեսական համակարգի արմատական բարեփոխումներու հրամայականը՝ հաստատելով, որ այս բոլորով հակառակ կարելի եղած է պետութիւնը զարգացնել եւ ամրապնդել։
<<Այսօր էլ կան մեր բնակոն զարգացումը խոչընդոտող մի շարք գործօններ, բացասական երեւոյթներ, բայց այս համատեքստում պէտք է շեշտեմ մի շատ կարեւոր բան՝ պետութիւնը բացարձակ արժէք է, պետականութեանը պէտք է հաւատալ, նուիրուել: Պետութիւնը, ինչպէս մեր ընտանիքները, ամէնօրեայ հոգածութեան կարիք է զգում: Մեր պետութեան մէջ դրականն էլ ենք մենք, բացասականն էլ, չենք կարող մեզ վերագրել դրականն ու օտարել բացասականը, կամ խօսել միայն բացթողումներից՝ չնկատելով ձեռքբերումները: Պետութեան կերտողները մենք ենք, իւրաքանչիւրս՝ իր անմնացորդ նուիրումով, եւ բոլորս՝ մեր միասնական ու համատեղ աշխատանքով>>, շեշտած է նախագահը։
Անոր համաձայն՝ 25 տարուան ընթացքին պետութիւնը ներքին եւ միջազգային մակարդակի վրայ մեծ նուաճումներ արձանագրեց, բայց եւ այնպէս տակաւին պետականաշինութիւնը կը շարունակուի։ <<Դուք գիտէք, որ վերջերս մենք կարեւորագոյն փոփոխութիւններ կատարեցինք Հայաստանի Մայր օրէնքում՝ Սահմանադրութիւնում: Այս գործընթացով մենք թեւակոխում ենք զարգացման որակական նոր փուլ, որն իմ խորին համոզմամբ մեծապէս նպաստելու է առաւել բաց, առաւել արդար հասարակութեան կառուցմանը, երկրի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրների լուծման գործում քաղաքական միաւորումների առաւել լայն ընդգրկմանը, հող է նախապատրաստելու մեր գալիք սերունդների կեանքն աւելի բարենպաստ ու անվտանգ դարձնելու համար: Քսանհինգամեայ անկախութեամբ ամրացած՝ մենք այսօր հաւատով ենք առաջ նայում, տեսնում ու չենք թաքցնում մեր արատներն ու առաջ գնալու յստակ քայլեր ենք անում>>, եզրափակած է նախագահը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ