By Asbarez | Thursday, 17 March 2016

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոլայ Փանքով յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ իր օդային հարուածները՝ հակառակ իր ուժերուն մէկ կարեւոր մասի հեռացման: Ան նշեց, որ շատ կանուխ է ահաբեկչութեան պարտութեան մասին խօսելու:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր ուժերուն մէկ մասը հեռացնելու ռուսական քայլը՝ <<ի շահ սուրիացի ժողովուրդին է, այլ ոչ թէ ոեւէ մէկուն գոհացում պատճառելու համար>>:
Նաեւ, Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Օզերով յայտնեց, որ շուրջ 800 զինուորներ պիտի մնան՝ պաշտպանելու համար Հմայմիմ օդուժի եւ Թարթուսի ծովուժի ռազմակայանները: <<Սուրիոյ կառավարական ուժերը մարզող խորհրդականները եւս պիտի մնան>>, աւելցուց ան: Ռուսիա Սուրիոյ մէջ պիտի պահէ նաեւ իր արդիական՝ <<Էս. 400>> հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:
Նշենք, որ ռուսական օդանաւեր Մարտ 15ին սկսան հեռանալու Սուրիոյ Հմայմիմ ռազմակայանէն:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ ռուսական ուժերու թիւի նուազումը Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ համակարգումին ծիրին մէջ է եւ տեղի կ՛ունենայ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի ծիրին մէջ արձանագրուած գլխաւոր ձեռքբերումներէն ետք:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ