Արցախի մէջ 20ամեայ զինուոր մը զոհ գացած է թշնամիի գնդակին

By Asbarez | Friday, 18 March 2016

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, 17 Մարտին՝ ժամը 14:55ին, մահացու հրազէնային վէրք ստացած է զինուորական ծառայող, 1996ի ծնունդ Արտեոմ Արսէնի Վարդերեսեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: <<Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ։


comments