Հայկական արտադրութեան հեռաձայնները Ապրիլին տրամադրելի պիտի ըլլան

By Asbarez | Friday, 18 March 2016

0318telephones

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փան Արմինիըն>> - Ապրիլին շուկայի վրայ տրամադրելի պիտի ըլլան հայկական արտադրութեան հեռաձայնները, զորս 17 Մարտին լրագրողներուն ներկայացուց <<Թեքնոլոջի ընդ Սայընս Դայնամիքս>> ընկերութեան ղեկավարը՝ նշելով, որ այդ հեռաձայններուն յիշողութիւնը փոքր է, պաստառի ապակին ալ բարձրագոյն որակի չէ, այլապէս անոնք ոչինչով կը զիջին շուկայի վրայ առկայ նմանատիպ հեռաձայններուն։ Անոր համաձայն՝ հայկական հեռաձայններուն գինը բաւական ցած է, բայց եւ այնպէս անիկա մեծ ճանաչում չունի տակաւին, այդ պատճառով ալ մեծաքանակ պատուէրներ չկան։

Հայկական հեռաձայն արտադրողը <<Արմֆոն>> հեռաձայններ, <<Արմթաբ>> պլանշեթներ արտադրող եւ գիտահետազօտական ծրագիրներ մշակող նոյն հայկական ընկերութիւնն է, որ եղաւ առաջինը <<Ալեանս>> ազատ տնտեսական գօտիին մէջ գործունէութիւն ծաւալող:

2013ի աւարտին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ գործող հայ-ամերիկեան Technology and Science Dynamics Inc./Armtab Technologies ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ առաջին հայկական պլանշեթներու արտադրութեան նախաձեռնողն

 



comments