Նախագահ Սարգսեան տեսակցութիւն ունեցած է Համայն Կիպրոսի Արքեպիսկոպոս Խրիզոսթոմոս Բ.ի հետ

By Asbarez | Friday, 18 March 2016

 

0318serjcyprus

ԵՐԵՒԱՆ  - Պաշտօնական այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Մարտին հանդիպում ունեցած է Համայն Կիպրոսի արքեպիսկոպոս Խրիզոսթոմոս Բ.ի հետ:

Նախագահ Սարգսեան շատ կարեւոր նկատած է միջկրօնական համերաշխութիւնն ու իւրաքանչիւրին դաւանած հաւատքին նկատմամբ յարգանքը, ինչ որ, ըստ անոր, հայ-կիպրական անխախտ բարեկամութեան հիմնասիւներէն է, եւ այսօր ալ երկուստեք բարձր մակարդակի վրայ կը պահեն այս մէկը։

Ընդգծելով, որ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած փոխադարձ համակրանքը պայմանաւորուած է նաեւ համամարդկային նոյն արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ ու յարգանքով, Սերժ Սարգսեան նշած է, որ այդ արժէքներու սերմանման ու պահպանման կարեւորագոյն առաքելութիւնը դարեր շարունակ իրականացուցած է եկեղեցին, իսկ հայ ժողովուրդի պատմութեան այն ժամանակաշրջանին, երբ չկար պետականութիւն, հայոց եկեղեցին որոշ չափով ինք կատարած է պետութեան դերը: Նախագահը համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ այս օրերուն հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման հարցը յատուկ կարեւորութիւն ունի՝ նկատի առնելով, որ համաշխարհայնացման գործընթացները լի են ո՛չ միայն դրական, այլ նաեւ բազմաթիւ բացասական հետեւանքներով, որոնց դիմակայելը ժամանակի հրամայական է յատկապէս փոքր ժողովուրդներուն համար՝ ազգային ինքնութեան, մշակութային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման տեսանկիւնէ:

Հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Կիպրոսի իշխանութիւններուն, եկեղեցւոյ եւ բարեկամ կիպրացի ժողովուրդին՝ հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս Կիպրոս բնակող հայրենակիցներուն՝ մնայուն կերպով ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար:

Խրիզոսթոմոս Բ. արք. ուրախութեամբ յայտնած է, որ պատմականօրէն եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններ հաստատուած է հայերուն հետ: Անոր համաձայն՝ Կիպրոսի եկեղեցին գերազանց յարաբերութիւններ ունի ամբողջ քրիստոնէական աշխարհին, նաեւ՝ հայաստանեայց եկեղեցւոյ հետ, եւ այդ յարաբերութիւնները կը նպաստեն նաեւ միջպետական կապերու ամրապնդման: Արքեպիսկոպոսը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ եղբայրական հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ՝ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն մաղթելով Հայաստանին եւ անոր բարեկամ ժողովուրդին:

Կիպրոս տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Մարտին մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ այցելած է նաեւ հայկական Նարեկ վարժարան, ծանօթացած կրթական  հաստատութեան պայմաններուն ու ծրագիրներուն, վայելած աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը։ Նախագահ Սարգսեան նաեւ ծաղկեպսակ զետեղած է վարժարանին եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ, այցելած է եկեղեցի, ապա հանդիպում ունեցած Կիպրոսի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:


comments