<<Թուրքիա պէտք է կամայապաշտ կեցուածքներէ հրաժարի>> Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

By Asbarez | Saturday, 19 March 2016

 

0319greece

ԱԹԷՆՔ, <<Ազատ Օր>> - Անտրամաբանական գրութիւն–յայտարարութեամբ մը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յարձակում գործած է Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի եւ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի դէմ՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յունաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ անոնց կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն լոյսին տակ։

Արդարեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Թանզու Պիլկից, անդրադառնալով Յունաստանի նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անհերքելի պատմական փաստ նկատելու եւ զայն ճանչնալու գծով կատարած յայտարարութիւններուն, ըսած է. <<Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը որեւէ պարագայի հիմք պիտի չտան անոնց, որոնք ամէն կարելիութիւն կ՛օգտագործեն յառաջ քշելու միակողմանի, իրականութենէն կտրուած եւ արդարութեան ընկալումէ հեռու պատմութեան վարկածներ>>։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի յայտարարութիւններուն մէջ <<կան թրքական ինքնութիւնը խորապէս վիրաւորող ակնարկութիւններ Օսմանեան փլուզման տարիներուն տեղի ունեցած պատմական դէպքերուն մասին>>։ Աւարտին գրուած է. <<Նման կեցուածքներ արդիւնք են հիւանդագին հասկացողութեան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Յունաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կառուցուած են թրքական ինքնութեան դէմ հասարակաց թշնամական կեցուածքի վրայ>>։

Թուրքիոյ այս յայտարարութեան շուտով պատասխանած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ յայտնելով. <<Կատարուած յայտարարութիւնները այլ բան չէին, եթէ ոչ ողբալի մտայնութեան հետեւանք>>։ Արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանտինոս Քութրաս յոյն լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտած է, որ ընտրուած պահը շատ լուրջ է, եւ կարեւոր է հեռու մնալ կեղծաւոր ու աժան հռետորութիւններէ։

<<Թուրքիա կը կարծէ, թէ երբ պատմութիւնը համաձայն չէ իր կողմէ կատարուած պնդումներուն, այնքան աւելի վատ է պատմութեան համար>>, հեգնական ոճով պատասխանած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ հաստատելով, որ <<Թուրքիա պէտք է մէկդի ձգէ կամայապաշտ կեցուածքները եւ հաշտուի իր պատմութեան հետ։ Դժուար այս գործին մէջ Յունաստան պատրաստ է օժանդակելու Թուրքիոյ>>, եզրափակած է նախարարը։

 


comments