Օպամա ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ Քուպայի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 22 March 2016

0322cuba

ՀԱՒԱՆԱ, <<Էյ.Փի.>> - 88 տարիներու ընթացքին Քուպա այցելած Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը հանդիսացած Պարաք Օպաման ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ համայնավար կառավարութեամբ ղեկավարուող այդ երկրին մէջ, մինչ շարք մը ամերիկացի քոնկրեսականներ կը քննադատէին այդ այցելութիւնը։

Մարտ 21ին, Օպամա Յեղափոխութեան պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ռաուլ Քասթրոյի հետ, մինչ կը հաղորդուէր, թէ <<Կուկըլ>> ընկերութիւնը Քուպայի մէջ համացանցային սպասարկութիւնները ընդարձակելու համաձայնագիր մը կնքած է կղզիի իշխանութեանց հետ։

Վերջին քանի մը տարիներուն, Քուպա սկսած է երկրին տնտեսութիւնը ազատականացնելու քայլեր որդեգրելու, սակայն քաղաքական մարզէն ներս բարեկարգումները աւելի դանդաղ կ՛ընթանան։

 



comments

Advertisement