By Asbarez | Tuesday, 22 March 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիան եւ Եւրոմիութիւնը Մարտ 7ի իրենց ժողովէն ետք բանակցութիւնները շարունակեցին գաղթականներու հարցին շուրջ եւ Մարտ 17-18ին վերջնականացուցին համաձայնութիւնը, ըստ որուն՝ Մարտ 20էն սկսեալ, այն գաղթականները, որոնք Յունաստան կը հասնին, պիտի վերադարձուին Թուրքիա, որոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմաց՝ Եւրոմիութիւնը սուրիացի գաղթական մը պիտի ընդունի Թուրքիայէն։
Համաձայնութեան ծիրէն ներս, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները դարձեալ աշխուժացնելու նպատակով, յառաջիկայ Յունիսի վերջաւորութեան պիտի բացուի բանակցութիւններու թղթածրարի թիւ 33րդ գլուխը, որ կը վերաբերի ելեւմտական ու ամավարկի պարտաւորութիւններուն։ Համաձայնութիւնը նաեւ նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովէ Թուրքիոյ համար:
Սակայն, բանակցութեանց մօտիկ աղբիւրներ հաղորդած են, թէ եւրոպական կողմէն նախապէս կատարուած կարգ մը զիջումներ <<մեղմացուած>> են վերջնական համաձայնագիրին մէջ, Եւրոմիութեան կարգ մը անդամներուն յայտնած մտահոգութեանց պատճառով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ