By Asbarez | Tuesday, 22 March 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Շաբաթ, Մարտ 19ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն հետեւանքով սպաննուեցան 5 անձեր եւ արձանագրուեցաւ աւելի քան 37 վիրաւոր, որոնցմէ 4ին վիճակը ծանր է: Պոլսոյ նահանգապետը յայտարարեց, թէ Պէյօղլու շրջանին մէջ պատահած եւ <<Մարմարա>>ի խմբագրատունը եւս ցնցած նշեալ պայթումին պատճառով սպաննուածներէն 3ը իսրայէլացիներ են: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա յայտնեց, որ յարձակումը իրականացուցած է 1992ին Այնթապ ծնած Մեհմետ Էօզթիւրք անունով անձ մը, որ կապեր ունէր <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ։ Նշենք, որ ահաբեկչական արարքի վիրաւորներէն մէկը պոլսահայ Օգսէն Խաչանեանն է։ Ան երկու թեւերէն վիրաւորուելէն ետք փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր դարմանուելէ ետք՝ Մարտ 21ին դուրս եկած է հիւանդանոցէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ