Լիբանանի փողոցներէն աղբերը կը վերցուին

By Asbarez | Tuesday, 22 March 2016

0322leb

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Լիբանանի աղբերու տագնապի լուծման շրջագիծին մէջ, Շաբաթ, Մարտ 19ի առաւօտեան սկսաւ աղբերը հաւաքելու աշխատանքը, <<Սուքլին>> ընկերութեան կողմէ: Կենսոլորտի նախարար Մուհամմատ Մաշնուք Մարտ 20ին յայտնեց, թէ 24 ժամուան ընթացքին կարելի եղած է երկրի փողոցներէն դատարկել աւելի քան 8 հազար թոն աղբ, <<ինչ որ աշխատանքի լրջութեան ցուցանիշ մըն է>>, ըսաւ ան: Մաշնուք շեշտեց նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն այդ աշխատանքը աւելի եւս պիտի կանոնաւորուի:

Միւս կողմէ, Նաամէի աղբանոցը վերաբանալու քայլին դէմ իբրեւ բողոք, Պաորթայի բնակիչները կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք հաստատեցին այդ աղբանոցի բացումին նկատմամբ իրենց մերժումը, իսկ Մարտ 20ի գիշերը, Տաուհաթ Արամուն շրջանին մէջ խոշտանգումի ենթարկուեցան <<Սուքլին>>ի բանուորները, եւ անոնց բեռնատարը հրկիզուեցաւ:

Նշենք, որ շաբաթներու վրայ երկարող եւ մասնագէտներու օժանդակութեամբ կատարուող քննարկումներու լոյսին տակ, կառավարութեան հետ բանակցութիւններու վերջին նիստը տեղի ունեցած էր անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան։

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը այցելեց վարչապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ։

Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը վարչապետ Սալամին ներկայացուց Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու վայրի յառաջացման ծրագիրին շուրջ 7 կէտերէ բաղկացած իր նկատողութիւնները՝ պահանջելով զանոնք նկատի առնել կառավարութեան նիստի որոշումներուն մէջ: Նշենք, որ նախարարաց խորհուրդը ամբողջութեամբ որդեգրեց Կեդրոնական կոմիտէի առաջարկները:

 


comments