By Asbarez | Tuesday, 22 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահվերդեան 21 Մարտին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ վերջին տարիներուն Արցախ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով աճ արձանագրած է։ <<Նման աճ մենք ունեցել ենք մինչեւ 2014 թուականը, սակայն 2014 թուականին այդ ցուցանիշը փոքր–ինչ նուազել է: 2015 թուականին կրկին աճի միտում է նկատուել: 2015ին գրանցուել է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկների 13 տոկոս աճ: Հիմնականում Արցախ են գալիս Միացեալ Նահանգներից, Եւրոպայից, Ռուսաստանից, մուսուլմանական երկրներից: Ընդհանուր առմամբ, կարող ենք ասել, որ Արցախում զբօսաշրջութեան զարգացումն ընթանում է ակտիւ տեմպերով>>, դիտել տուած է Սերգէյ Շահվերդեան:
Ըստ անոր՝ Արցախը աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայացնելու համար ոչ միայն զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսները կ՛օգ-տագործուին, այլ նաեւ տեղեկատուական միջոցները, ընկերային ցանցերը, ինչպէս նաեւ ժապաւէններ կը պատրաստուին՝ Արցախը ներկայացնելով իբրեւ զբօսաշրջութեան երկիր: <<Արցախում զարգացում է ապրում հնագիտական, մշակութային, քայլարշաւային տուրիզմը: Զբօսաշրջիկներին փորձում ենք գրաւել ոչ միայն տաճարներով, այլեւ իւրայատուկ ճարտարապետական կառոյցներով: Մենք ունենք 4 պատմաշակութային արգելոցներ: Աշխատանք է տարւում գիւղական տուրիզմը զարգացնելու ուղղութեամբ>>, ըսած է փոխնախարարը: Ան նշած է, որ Արցախի մէջ որեւէ ատեն բնակած փոքրամասնութեան մշակոյթը, Արցախի մշակութային ժառանգութիւնն է: Արցախը հաւասարաչափ ուշադրութիւն կը դարձնէ յուշարձաններու պահպանման: <<Դրա լաւագոյն դրսեւորումն է Շուշիի, Աղդամի մզկիթների պահպանումը: Արցախ այցելած զբօսաշրջիկները տեսնում են, որ ի տարբերութիւն Արդբեջանի, Արցախում մշակութային արժէքները պահպանւում են>>, յայտնած է ան։
Սերգէյ Շահվերդեան նաեւ դիտել տուած է, որ Ատրպէյճան միշտ ալ կը փորձէ խոչընդոտել Արցախի մասնակցութիւնը միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսներու՝ դիտել տալով, որ գրեթէ բոլոր ցուցահանդէսներուն ալ կայ այդ միտումը։ Անոր համաձայն՝ սկիզբը ատրպէյճանցիները կ՛աշխատին պաշտօնական խողովակներով, կը բողոքեն կազմակերպիչներուն, տուեալ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան, իսկ երբ իրենց փորձերը ի զուր դուրս գան, անոնք ցուցահանդէսին ընթացքին կը փորձեն ստեղծել անընդունելի իրավիճակ, որպէսզի այդ ձեւով պարտադրեն իրենց կամքը եւ խանգարեն Արցախի մասնակցութիւնը այդ ցուցահանդէսներուն: Բայց եւ այնպէս միշտ ալ նման փորձեր ձախողութեան կը մատնուին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ