Լեւոն Արոնեան պարտուեցաւ եւ նահանջեց

By Asbarez | Wednesday, 23 March 2016

0323levonaronian

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Հետք>> - Լրագրող Վահէ Սարուխանեան կը գրէ, թէ 22 Մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող յաւակնորդներու մրցաշարքին Լեւոն Արոնեան կրեց իր առաջին պարտութիւնը, որ, սակայն, կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի հաւաքականի առաջատարին համար: Լեւոն Արոնեան սեւերով պարտուեցաւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի դէմ, ընդ որում՝ հաւասար ընթացող խաղին ընթացքին Արոնեան վերջին հանգրուանին զիջեցաւ իր դիրքերը:

Վաստակած 5 կէտերով ան ներկայիս երրորդ է, զայն շրջանցած են Ռուսիան ներկայացնող Սերկէյ  Քարեաքի եւ Վիշի Անանտ, որոնք ունին 5.5ական կէտ: Քարեաքին սեւերով ոչ ոքի խաղաց Նաքամուրայի հետ:

23 Մարտը հանգիստի օր է, իսկ 23 Մարտին պիտի կայանայ 10րդ հանգրուանը։ Պուլկարացի Վեսելին Թոփալովի հետ խաղին Լեւոն Արոնեան անպայման պէտք է յաղթէ՝ պայքարէն ետ չմնալու համար, գրած է լրագրողը:

 



comments