Էրտողան սպառնալիք է Թուրքիոյ համար. Չոմսքի

By Asbarez | Thursday, 24 March 2016

0318chomsky

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Աշխարհահռչակ լեզուաբան, իմաստասէր եւ հեղինակ Նօամ Չոմսքի անդրադարձած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի՝ ահաբեկչութեան վերաբերող յօդուածները փոխելու մասին նախագահ Էրտողանի ջանքերուն եւ անոնց յաջորդած ձերբակալութեանց:

Թրքական <<Odatv.com>> լրատուական կայքը կը գրէ, թէ Չոմսքի այս քայլերը բնութագրած է իբրեւ Էրտողանի մենատիրական քաղաքականութիւնը աւելիով սաստկացնելու փորձ:

<<Թուրքիան 21 դարու սկիզբը, ժողովրդավարացման ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն՝ յուսադրող քայլեր սկսած էր առնելու: Սակայն ցաւօք, վերջին քանի մը տարիներուն, նախագահ Էրտողան այդ գործընթացը տարած է ամբողջովին հակառակ ուղղութեամբ՝ առաւել ճնշող իշխանութիւն ստեղծելով: Անոր վերջին քայլերը աւելի կը խորացնեն այն համոզումը, թէ Էրտողան սպառնալիք մըն է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ այլ երկիրներու համար>>, ըսած է Չոմսքի:

Նշենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, թէ այսուհետեւ <<ահաբեկիչ >>պէտք է նկատել ոչ միայն ահաբեկչական յարձակումներ իրականացնողները, այլեւ՝ անոնց զօրակցողները։

 


comments