Իսրայէլի դէմ պատերազմի պարագային կարմիր գիծեր պիտի չըլլան. Նասրալլա

By Asbarez | Thursday, 24 March 2016

 

 

0323Nasralla

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - <<Հըզպալլա>>ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա <<Մայատին>> կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք անհաւանական կը գտնէ, որ մօտիկ ապագային Իսրայէլ պատերազմի սկսի Լիբանանի դէմ՝ նշելով, որ առանց ամերիկեան համաձայնութեան՝ Իսրայէլ նման քայլի չի դիմեր: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը արաբական երկիրներ կը գործեն Իսրայէլի հաշուոյն:

<<Իսրայէլացիները գիտեն, որ Դիմադրութիւնը ունի այնպիսի հրթիռներ, որոնք կրնան հասնիլ բռնագրաւուած Պաղեստինի որեւէ շրջան: Մենք կը հաստատենք, որ տկար չենք: Իսկ եթէ Իսրայէլ մեզի դէմ պատերազմ շղթայազերծէ, ապա մեր արդար իրաւունքն է թիրախ դարձնել իսրայէլեան որեւէ քաղաք կամ վայր>>, շեշտելով, որ Իսրայէլի դէմ հաւանական որեւէ պատերազմի պարագային կարմիր գիծեր պիտի չըլլան։

Սուրիոյ պատերազմին մասին խօսելով՝ Նասրալլա յայտնեց, որ <<Հըզպալլա>>, Իրան, Սուրիա եւ Ռուսիա նոյն տեսակէտը եւ նոյն կեցուածքը ունին, <<եւ կը փափաքին Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում գտնել, սակայն հակառակորդը կը մերժէ ատիկա: Ամերիկացիները արդէն իսկ անդրադարձած են, որ իրենք եւ իրենց դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ ձախողած են>>։

Նասրալլա ըսաւ նաեւ, որ Սուրիոյ հարցի քաղաքական լուծման առումով զարգացումներ չի նախատեսեր, որովհետեւ այդ լուծումը արգելակող ուժեր կան, որոնց կարգին է Սէուտական Արաբիան:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ երկխօսութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Նասրալլա ըսաւ, որ Հարիրին Լիբանան վերադարձած օրէն ի վեր <<Հըզպալլա>>ի դէմ ցեխարձակումի արշաւ կը մղէ, իսկ <<միակ դրական երեւոյթը՝ <<Հըզպալլա>>ի եւ (Հարիրիի) <<Մուսթաքպալ>>ի միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնն է>>։

Նախագահական ընտրութեան գծով, Նասրալլա վերահաստատեց, թէ <<Հըզպալլա>> կառչած կը մնայ իր դաշնակիցին՝ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

 


comments

Advertisement