Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ միջպետական համաձայնագիր ստորագրուած է

By Asbarez | Thursday, 24 March 2016

 

0324kuwait

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 23 Մարտին ընդունած է Քուէյթի արդարադատութեան, կրօնական կալուածներու եւ իսլամական հարցերու նախարար Եաքուպ Ապտէլ Մոհսէն Ալ Սանիէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Վարչապետը բարձր գնահատած է բարեկամ Քուէյթի հետ ձեւաւորուած բարիդրացիական յարաբերութիւնները եւ նշած, որ վերջին տարիներուն հայ–քուէյթեան համագործակցութիւնը մեծ թափով կը զարգանայ։ Ան դիտել տուած է, որ արաբական աշխարհի հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամական յարաբերութիւններու հիմքը ընդհանուր պատմութիւնն է, որուն վրայ խարսխուած այսօր կը զարգանան միջպետական յարաբերութիւնները:

Եաքուպ Ապտէլ Մոհսէն Ալ Սանիէն ըսած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած են ամուր յարաբերութիւններ, եւ առկայ է փոխադարձ կամք՝ զանոնք աշխուժացնելու եւ ընդլայնելու: Զրուցակիցները քննարկած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայ–քուէյթեան կապերու աշխուժացման վերաբերող հարցեր: Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է միջկառավարական եւ միջխորհրդարանական ձեւաչափերով համագործակցութեան սերտացումն ու խորացումը: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Քուէյթի իշխանութիւններուն՝ քուէյթահայութեան նկատմամբ ցուցաբերուող յարգալից վերաբերմունքին համար: Իր կարգին Եաքուպ Ապտէլ Մոհսէն Ալ Սանիէ բարձր գնահատած է քուէյթահայութեան դերը Քուէյթի զարգացման եւ հայ–քուէյթեան բարեկամութեան ամրապնդման մէջ:

Հանդիպումէն ետք ստորագրուած է <<Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քուէյթի պետութեան միջեւ քրէական գործերով փոխադարձ իրաւական օգնութեան մասին>> միջպետական համաձայնագիրը՝ Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանի եւ Եաքուպ Ապտէլ Մոհսէն Ալ Սանիէի կողմէ:

Վարչապետ Աբրահամեան ողջունած եւ կարեւոր նկատած է համաձայնագիրի ստորագրութիւնը՝ ընդգծելով, որ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներուն զուգահեռ կարեւոր է նաեւ իրաւական դաշտի կարգաւորումը: Կառավարութեան ղեկավարը համոզում յայտնած է այն մասին, որ իրաւական դաշտին մէջ փորձառութեան փոխանակումը եւ փորձագէտներու փոխայցելութիւնները պիտի ամրապնդեն Հայաստանի եւ Քուէյթի բարեկամական փոխգործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստեն տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու զարգացման:

 



comments