Մասնաւոր ընկերութիւնը ոսկերչութեան ոլորտին մէջ պիտի ներդրէ 68.5 միլիոն Տոլար

By Asbarez | Thursday, 24 March 2016

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - <<Բագեզեան>> սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան <<Մերիդիան>> ազատ տնտեսական գօտիին մէջ կը նախատեսուի կատարել ոսկերչութեան եւ արծաթագործութեան վերաբերող 68.5 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիր:

Կառավարութիւնը 24 Մարտի նիստին պիտի քննարկէ <<Բագեզեան>>ի <<Մերիդիան>>ի մէջ շահագործողի թոյլտուութիւն տրամադրելու հարցը: Կը նախատեսուի, որ ընկերութիւնը յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին ստեղծէ առնուազն 70 նոր աշխատատեղ՝ 250–500 տոլար միջին աշխատավարձով: Ընկերութիւնը կը ծրագրէ ընդարձակել արտածման հիմնական ուղղութիւնները դէպի Ռուսիա եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Եւրոպական Միութեան երկիրներ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Հոնկ Քոնկ, Մեքսիքա, Իրաք, Իսրայէլ՝ ապահովելով արտածման տարեկան շուրջ 9.5 միլիոն տոլարի մուտք։

 


comments

Advertisement