Հայաստան՝ ամէնէն առողջ եւ երջանիկ երեխաներ ունեցողներ երկիրներու շարքին

By Asbarez | Thursday, 24 March 2016

 

0324happykids

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրապարակած է զեկուցում մը՝ <<Դպրոցական տարիքի երեխաներու վարքը առողջութեան տեսանկիւնէն-2016>> թեմայով. այս մասին գրած է rusarminfo.ru կայքը:

Ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած են աշխարհի 42 երկիրներու 11-15 տարեկան 220 հազար երեխաներու տուեալները:

Պարզուած է, որ հիմնական խնդիրը գիրութիւնն է, որմէ կը տառապին երեխաները: Սակայն Հայաստանի մէջ այդ խնդիրը դժուար յաղթահարելի չէ, աւելի՛ն, Հայաստանի մէջ մանուկները շատ աւելի առողջ սնունդ կը ստանան, քան Ալպանիոյ, Իտալիոյ, Փորթուգալի երեխաները, յատկապէս պտուղներու եւ բանջարեղէնի մեծ քանակի սպառումով։ Հայաստանի մէջ, ի տարբերութիւն միւս երկիրներուն, 15ամեայ երիտասարդները չեն ծխեր, նաեւ գրեթէ չունին մտերմիկ յարաբերութիւններ։

Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կը հաստատէ, որ Հայաստանի, Ալպանիոյ, Հոլանտայի մէջ ապրող երեխաները ո՛չ միայն ամէնէն առողջներն են, այլ նաեւ՝ ամէնէն երջանիկները։

 

 

 



comments