By Asbarez | Tuesday, 20 October 2009

ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին յայտարարած է, որ Թուրքիա ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով իր դիրքորոշումը երբեք պիտի չփոխէ։
<<Ատրպէյճանական հողը նոյնքան յարգի է, որքան թրքական հողը>>, ըսած է ան։
Անդրադառնալով Խորհրդային Միութեան հաստատման ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ սպաննուած թուրքերու յուշարձանի մօտէն թրքական դրօշակներու վերացման քայլին, ան ըսած է, որ <<Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշակները երկուքն ալ սուրբ են իբրեւ ընհանուր ազգի դրօշակներ>>։
<<Մեզի ըսին, որ ատիկա ժամանակաւոր միջոց է, վերանորոգման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով>>, ըսած է Տաւութօղլու եւ աւելցուցած. <<Մենք ամբողովին կը վստահինք ատրպէյճանցի ժողովուրդին>>։
<<Մենք գիտենք Թուրքիոյ նկատմամբ անոնց սէրը։ Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարաձայնութիւններ ըլլան>>, ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Իր կարգին, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ պետական պատկերասփիւռի կայանէն հաղորդուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ քաղաքական վերջին իրադարձութեանց: Ան ըսաւ, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Ղարաբաղի հարցի լուծման վրայ։ <<Ղարաբաղեան հարցը տարիներ շարունակ մնաց որպէս լքուած հարց մը։ Այժմ Հայաստանի հետ մեր մերձեցումը այս խնդիրը աշխարհի առաջնակարգ հարցերէն մէկը դարձուց։ Այս հարցի լուծման ուղիին վրայ կարեւոր զարգացումներ կան, սակայն կարելի չէ հրապարակել զանոնք։ Բայց կան կարեւոր զարգացումներ եւ ես այս տեսանկիւնէն՝ երջանիկ եմ։ Ասիկա այն հազուադէպ հարցերէն մէկն է, որուն շուրջ Միացեալ Նահանգներ ու Ռուսաստան իրարու չեն հակասեր>>, աւելցուց ան։
<<Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները պիտի ծառայեն Կովկասի կայունութեան։ Եթէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները չկարգաւորուին, ապա Կովկասի մէջ խաղաղութիւն չի հաստատուիր>>, եզրակացուց Կիւլ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ