By Asbarez | Friday, 25 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու անդրադարձած է Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումներուն եւ զանոնք խստօրէն դատապարտելէ ետք, ակնարկելով իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներուն՝ ըսած է. <<Յունիս 7ի ընտրութիւններէն ետք ըսին՝ <<Նոյեմբեր 1ի ընտրութիւններով մեզ իշխանութեան հասցուցէք, որպէսզի այլեւս Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ բախումներուն ընթացքին թուրք զինուորներ չզոհուին>>: Ձեզի խօսք տուողները դրժեցին իրենց խոստումը: Ձեզ սպառնալիքով խաբեցին>>:
Քըլըճտարօղլու աւելցուցած է. <<Թուրքիա այնպիսի վիճակի հասած է, որ աւելորդ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին խօսիլը։ Աւելի՛ն, Թուրքիա դարձած է ահաբեկիչներ պատրաստելու վայր>>:
Նշենք, որ ռուսական ապահովական մարմինները Մարտ 23ին հաղորդեցին, թէ տեղեկութիւններ ունին այն մասին, որ անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու համար Թուրքիոյ մէջ մարզուած 16 անձեր՝ Եւրոպայի ճամբով Ռուսիա կը փորձեն հասնիլ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ