By Asbarez | Friday, 25 March 2016
ՆԻՒ ԵՈՐՔ - <<Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ>> թերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական օդանաւի՝ թրքական օդուժին կողմէ զգետնումէն ետք, Անգարայի դէմ կիրարկուած ռուսական պատժամիջոցներուն պատճառով Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզի եկամուտները մօտաւորապէս 50 տոկոսով նուազած են:
Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզը վերջին տարիներուն զգալի կերպով կը զարգանար՝ շնորհիւ մեծաթիւ ռուսերու Թուրքիա անցուցած արձակուրդներուն: 2001էն մինչեւ 2014, այդ մարզի եկամուտները եռապատկուած էին՝ հասնելով 34.3 միլիառ տոլարի:
Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան համաձայն, ամրան համար Թուրքիոյ պանդոկներուն մէջ սենեակներու ապահովումը՝ նախորդ տարուան համեմատ, աւելի քան 40 առ հարիւրի անկում արձանագրած է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ