Սուրիական բանակը Փալմիրա մուտք կը գործէ

By Asbarez | Friday, 25 March 2016

 

Forces loyal to Syria's President Bashar al-Assad gesture as they advance into the historic city of Palmyra in this picture provided by SANA on March 24, 2016. REUTERS/SANA/Handout via Reuters

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը եւ Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեցին, թէ Սուրիական բանակը Մարտ 24ին մուտք գործած է Փալմիրա (Թատմոր) քաղաքը՝ վերագրաւելով անոր հարաւարեւմտեան տարածքները: Ռուսական օդուժին աջակցութիւնը վայելող բանակը նաեւ հիւսիսէն կը մօտենայ քաղաքին, զայն ամբողջութեամբ ազատագրելու նպատակով։

<<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնը անցեալ տարուան Մայիսին գրաւած էր քաղաքը՝ քանդելով պատմական նշանակութիւն ունեցող կոթողներ եւ սպաննելով հարիւրաւոր զինուորներ ու քաղաքացիներ։

 



comments